2014-01-16 09:55:05

2014-ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ բնաբանը` ''Արդեօք Քրիստոս բաժնուեցա՞ւ''։


Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարտինալ Քոխ Իտալական Եկեղեցւոյ ՍԻՐ կոչուած մամլոյ գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով, Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան նախօրեակին (18-25 յունուար), հաստատած է որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետով եկեղեցւոյ հահամիութեան ընթացքը նոր սլացք արձանագրեց։ Ան միաժամանակ, մատնանշած է Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ ճամբորդութեան Ս. Երկիր (24-26 մայիս), որուն ընթացքին նախատեսուած է հանդիպում մը Կ.Պոլսոյ պատրիարք Բարդողոմէոս Ա-ին հետ, վերակոչելու Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթենակորաս պատրիարքի միջեւ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումին 50-րդ տարեդարձը ։
Գալով Մոսկուայի Կիւրեղ պատրիարքին հետ հանդիպման կարելիութեան, Կարտինալ Քոխ արտայատուած է հանդիպումին նախապատրաստական աշխատանքներու մասին, որ պիտի հանդիսանայ – հաստատատծ է Ան - առաջին հանդիպումը Հռոմի Պապի եւ Ռուս պատրիարքի միջեւ։
Անդրադառնալով հուսկ Քահանայապետի Գլխաւորութեան հարցին, կարտինալը մատնանաշած է որ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն ասդին, բոլոր Քահանայապետները քրիստոնեաներու միութեան կարեւորութիւնը ընդգծած են, հետեւաբար Քահանայապետին գլխաւորութիւնը ինքնին արգելք մը չէ այլ կրնայ հանդիսանալ դէպի համամիութեան տանող մեծ ու հարկաւոր կամուրջ մը ։
Կարտինալ Քոխ` մամլոյ ելոյթին աւարտին հաստատեց թէ ''ժամը հնչեց որ միասին գտնուինք Աստուծոյ նոյն խորանին շուրջ''։
Յայտնենք որ 2014-ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ բնաբանն է. ''Արդեօք Քրիստոս բաժնուեցա՞ւ''։ Բնաբանը քաղուած է Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակէն գլուխ 1, 1-13 համարներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.